Կը ցանկանայի՞ք մաս կազմել հայրենիքի կառուցման գործընթացին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համակարգին մէջ ծառայելով:
Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը մեկնարկած է «իԳործ 2021» ծրագիրը, որուն նպատակն է սփիւռքահայ մասնագէտները ներառել Հայաստանի պետական հաստատութիւններու աշխատանքներուն մէջ:
Եթէ կ'ուզէք իմանալ աւելին՝ Մարտ 25ին, երեկոյեան ժամը 20:00ին, միացէ՛ք առցանց տեղեկատուական հանդիպումին՝ ծրագրին աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ հարց ու պատասխանին մասնակցելու համար: